Wednesday, May 4, 2011

Հայկական Ցեղասպանութեան Առաջին Տեսաերիզի Ցուցադրութիւն

Շաբաթ 30 Ապրիլ 2011 երեկոյեան ժամը 8 ին Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ Հայ Աւետարանական Մշակութային Միութիւնը (ՀԱՄՄ) կազմակերպած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած երեկոյ մը որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան դիտելու Ravished Armenia խորագրով շարժապատկերէն բաժին մը որ այժմ կը գտնուի Հայկական Ցեղասպանութեան հիմնարկի թանգարանի արխիւներուն մէջ: Նախօրինակ այս առաջին տեսաերիզը պատրաստուած է 1919 թուականին եւ մէկ ու կէս ժամ կը տեւէ, սակայն այս ժապավէնին մեծամասնութիւնը անհետացած է: Օրդ Գաթիա Փելթէքեան, օրուան դասախօսը, որ կը զբաղի հայ դատի վերաբերեալ հետազօտութիւններով, այս տեսաերիզին 20 վարկեաննոց փրկուած բաժինէն օրինակ մը բերած էր ցուցադրելու ներկաներուն:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀԱՄՄի ատենապետուհի, Օրդ. Շուշան Արթինեանի բացման խօսքով: Յայտագիրը շարունակուեցաւ Պրն. Սերո Քելուկեանի ասմունքով, ընկերակցութեամբ Պրն. Յակոբ Քելուկեանի՝ տուտուկ, որոնք հրամցուցին ներկաներուն Սիամանթօ-ի «Ես Երգելով Կ'ուզեմ Մեռնիլ» նշանաւոր ոտանաւորը: Ապա, Օրդ. Գաթիա Փելթէքեան անգլերէն լեզուով ներկայացուց Արշալոյս (Օրօրա) Մարտիկանեանի՝ Ravished Armenia տեսաերիզի հերոսուհիին, մանրամասն պատմութիւնը: Ան պատմեց թէ ինչպէս Արշալոյս Մարտիկանեան տասնչորս տարեկանին, աներեւակայելի տառապանքներ ապրած է 2 տարիներ Քեմիլ Փաշայի հարեմին մէջ ուր բռնաբարուած է եւ զինք բռնի թրքացնելու փորձեր կատարած է էֆէնտին: Ան փախչած է, սակայն վերստին բռնուելով 2 ուրիշ փաշաներու հարեմներուն մէջ բանտարկուած է եւ ականատես եղած է Հայկական Ցեղասպանութեան ամենադառն երեւոյթներուն: Ան նաեւ ականատես եղած է իր մօր ու հօր սրտաճմլիկ մահուան, իրենց հաւատքին եւ ինքնութեան համար: Տեսած է հազարաւոր մայրեր, հայրեր որոնք սպաննուած են թուրք ջարդարարներու սուրերուն եւ խարազաններուն տակ եւ բազմաթիւ մանուկներ, որոնք թուրքին քմահաճոյքին համար սուրերու խաղին զոհը գացած են: Սակայն զարմանալիօրէն ան խելագարած չէ եւ կրցած է փախչիլ ու երկար թափարումներէ ետք 1917-ին ապաստանած է Ամերիկացի միսիոնարներու քով՝ Կարին քաղաքին մէջ: Փելթէքեանի հետազօտութիւնները յայտնաբերած են թէ “League of Nations Union”ը փափաքած է ցուցադրել այս տեսաերիզը Լոնտոնի մէջ, սակայն Scotland Yard ոստիկանութիւնը գրաքննութեան ենթարկած է զայն եւ պահանջած է 5 տեսարաններ կտրել, որպէս զի որեւէ հակաթրքական կարծիքներու ծնունդ չի տայ:
Ներկայացումէն ետք, ներկաները դիտեցին այս տեսաերիզին 20 վարկեաննոց փրկուած բաժինը որ կ'ընդգրկէր սեւ եւ ճերմակ սրտաճմլիկ տեսարաններ: Նշմարելի էր որ ներկաներէն շատեր ազդուելով այս տեսարաններէն, կը յուզուէին եւ կ'ուլային: Զարմանքով իմացանք այն դրական երեւոյթին թէ ներկաներուն շարքին կը գտնուէր նաեւ երիտասարդ թրքուհի մը, որ ընդունած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ նոյնիսկ մասնակցած է անցեալ տարուայ Հայկական Ցեղասպանութեան քայլարշաւին :
Տեսաերիզի աւարտին Օրդ. Գաթիա Փելթէքեան եզրակացուց իր դասախօսութիւնը ներկայացնելով Արշալոյսի կեանքին վերջին բաժինը: Արշալոյս ցաւալի վախճան մը ունեցած է ըստ Փելթէքեանի հետազօտութիւններուն: Իր կեանքի այս ողբերգական փորձառութիւններէն վերապրէլէ ետք, Արշալոյս ամուսնացած է ու զաւակ մը ունեցած է եւ կրցած է համեմատաբար բնական կեանք մը վայելել: Սակայն կարճ տեւած է իր այս ուրախութիւնը. անոր որդին լքած է զինք եւ ան մահացած է անտէր ու անտիրական, չ'արժանանալով նոյնիսկ անհատական գերեզմանի մը:
Ձեռնարկին աւարտին, Առաքելոց Սենեկային Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Պրն. Գրիգոր Ալոզեանի, մխիթարեց ներկաներուն դառնացած հոգիները (ի տես այդ վայրագ տեսարաններուն) հրամցնելով Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Մակար Եկմալեանի հոգեպարար երգերէն փունջ մը որոնք Յարութեան յոյսը ներշնչեցին:
Պատուելի Հրայր Չոլագեանի փակման խօսքով ձեռնարկը վերջ գտաւ:
Ներկայ մը








Sunday, December 5, 2010

HAMM Tertig issues (1-9)

To view the 9 issues of AECA's Tertig Newsletter, please click on the following link.



Tertig 9, November 2010

Tuesday, July 13, 2010

ՀԱՄՄ Թերթիկ թիւ 8

The 8th issue of the Armenian Evangelical Cultural Association's (AECA's) "Tertig" is out. Check out the online edition. It features an interview with Haigazian University president Rev. Dr. Paul Haidostian, as well as authors' introductions of three recently published Armenian books!
href="
Tertig 8, June 2010">

Thursday, October 15, 2009

GOMIDAS'140th ANNIVERSARY


The Armenian Evangelical Cultural Association has organized a memorial concert on the occasion of Gomidas' 140th Anniversary. Gomidas is a centrally important representative of Armenian musical art, one of its most distinguished figures. His work included a variety of activities: he was a composer, ethnographer, folklorist, musicologist, singer, choir conductor, flutist, and teacher. His religious choir works will be interpreted by the "Arakelots" Chamber Choir conducted by Krikor Alozian. Piano Accompaniment: Hasmig Kasparian.
Saturday, October 31, 2009 at 8 pm, in the First Armenian Evangelical church, Mexique street, Beirut Lebanon.
ALL ARE WELCOME

Wednesday, June 17, 2009

BabyFoot Tournament


The Armenian Evangelical Cultural Association (AECA or HAMM in its Armenian acronym) organized an inner Babyfoot Tournament for its members. There were two groups, A and B. Group A: Hovsep Boyadjian, Ara Kojadelian, and Ara Koukouzian. Group B: Luder Artinian, Rev. Hagop Sarkissian, and Shushan Artinian.In the group stage, 3 points were gained per set won. After the group stage games the standings were as follows: Group A: Ara Koukouzian 12 points, Hovsep Boyadjian 6 points, Ara Kojadelian 0 points. Group B: Rev. Hagop Sarkissian 9 points,Luder Artinian 6 points, Shushan Artinian 3 points.From the semi-finals onwards matches were played best of five sets.